Nothing Special   »   [go: up one dir, main page]

Jump to content

Բջիջ

Բջիջները, մանրադիտակային գոյացութիւններ են:

հասկացութիւնը առաջարկած է անգլիացի գիտնական Ռոբըրթ Հուքը 1665-ին։ Մանրադիտակի տակ դիտելով բոյսերու խցանային հիւսուածքի նուրբ կտրուածքները՝ ան կը նկատէ, որ հիւսուածքը կազմուած է մանր խորշիկներէ, որոնք իրարմէ անջատուած են միջնապատերով[1]։

Բջիջին հիմնական բաղադրատարրերն են`

  • կորիզը,
  • բջիջանիւթը

Ըստ ձեւի, բջիջները կ'ըլլան՝

  • կլոր (արեան բջիջներ),
  • տափակ, խորանարդաձեւ,
  • գլանաձեւ,
  • իլիկաձեւ (հարթ մկանային բջիջներ),
  • նեարդային բջիջներ եւ այլն[2]:

Մորթին բջիջները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մորթը ամէն օր նոր բջիջ կը շինէ, բայց երբ մեծահասակ դառնայ, այդ բջիջները չեն նորոգուիր եւ թեփոտութիւն կը սկսի: Այդ թեփոտութիւնը քերւըտուք կը պատճառէ: Ապա վէրքեր կը յառաջանան: Այս իմաստով, մորթը աւելի զգայուն կը դառնայ, շատ դիւրութեամբ անհատը կը մսի: Մորթը կը չորնայ: Պաշտպանական համակարգին մէջ մազերը կը ճերմկին, եղունգները աւելի հաստ, կարծր եւ փխրուն կը դառնան, արեան շրջանառութիւնը կը նուազի:

Ուղեղին բջիջները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուղեղի ամէն մէկ բջիջը կարեւոր է, երբ արիւնը լաւ չի շրջագայիր, ուղեղին վրայ կ'ազդէ, անհատը կը կորսնցնէ համի եւ հոտի զգայարանները:

Մարմինին բջիջները անդադար վերանորոգման մէջ են

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարմինին բջիջները անդադար վերանորոգման մէջ են: Անոնք կեանքի տարբեր տեւողութիւններ ունին: Մարմինը ունի մօտաւորապէս 100 հազար միլիառ բջիջներ, եւ այս բջիջներէն մօտաւորապէս 20 միլիառը ամէն օր կը մեռնի եւ կը վերանորոգուի:

Օրինակի համար, լեզուին վրայի համի բջիջները կը վերանորոգուին ամէն 10 օրը անգամ մը, մինչ մորթի բջիջ մը ունի 3-4 շաբթուան կեանք:

Արեան կարմիր գնդիկը կ'ապրի մօտաւորապէս 120 օր:

Թոքի կամ լեարդի բջիջը կ'ապրի 400-500 օր:

Աւելի դանդաղօրէն վերանորոգուող բջիջները ստամոքսի ներքնապատերու եւ կողի մկաններուն բջիջներն են. անոնք կրնան մինչեւ 15 տարի ապրիլ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]