Nothing Special   »   [go: up one dir, main page]

Jump to content

Օմեկա-3 ճարպաթթուներ

Ձկան իւղ

Օմեկա-3 ճարպաթթուները ճարպերու տեսակներ են, որոնց նաեւ տրուած է «առողջ ճարպեր» անունը եւ կը գովաբանուին կարգ մը երկարատեւ հիւանդութիւններու պարագային (ինչպիսիք են՝ սիրտի հիւանդութիւնը եւ չորացումը (ուղեղի) իրենց տուած օգուտին համար:

Անոնք մարմինի բջիջներու թաղանթներուն (membrane) հիմնական շինարարական տարրերէն են եւ կը մնան գիտական հանրութեան հետաքրքրութեան առարկան[1]:

Օմեկա-3 ճարպաթթուները բջիջներու թաղանթներու եւ յատկապէս ուղեղի շինարարական հիմնական բաղադրիչներէն են:

Տասնամեակներ շարունակ անոնք եղած են գիտական հետաքրքրութեան առարկայ, սակայն բացայայտումները եղած են հակասական եւ անհամապատասխան:

Օմեկա-3 ճարպաթթուներու ընտանիքը կը ներառէ.

  • Alpha-linoleic Acid (ALA),
  • Stearidonic Acid (SDA),
  • Eicosapentaenoic Acid (EPA),
  • Docosapentaenoic Acid (DPA),
  • Docosahexaenoic Acid (DHA),
  • DHA-ը եւ EPA-ը ուղեղի բջիջներու թաղանթներուն կարեւոր ճարպերն են եւ տարածուած եւ յաջողութեամբ շուկայահանուած (marketed) են իբրեւ սննդային յաւելումներ (supplements):

Օմեկա-3 ճարպաթթուները անհրաժեշտ (essential) են եւ պէտք է մաս կազմեն մարդոց սննդականոնին:

Chia սերմերը հարուստ են Օմեկա 3-ով

Օրինակ, բոյսերու սերմերէ ստացուած ALA-ը մարմինին մէջ կրնայ վերածուիլ օմեկա-3 ճարպերու բոլոր այլ տեսակներուն` EPA-ի, SDA-ի, DHA-ի, DPA-ի:

Այնուամենայնիւ, այս փոխարկումը բաւական անարդիւնաւէտ է, որովհետեւ ALA-ի ընդհանուր 3%-էն պակասը միայն կը փոխակերպուի DHA-ի կամ EPA-ի տղամարդոց մօտ եւ 10%-էն պակասը` կիներու մօտ[2]:

Օմեկա-3ը Մարդոց Սննդակարգին Մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

DHA, EPA եւ DPA օմեկա-3 ճարպաթթուները կը շինուին ծովային օրկանիզմներու կողմէ, որոնցմէ են ջրիմուռները (algae):

Երբ ճարպաթթուները կը սպառին ձուկերու, ջրային կաթնասուններու եւ էակներու կողմէ, անոնք կը մտնեն սնունդի շղթայ եւ կը պահուին մարմինի ճարպին եւ լեարդին մէջ: Այնուհետեւ անոնք կը սպառուին մարդոց կողմէ:

DHA-ի, EPA-ի եւ DPA-ի սնունդի աղբիւրներէն են.

  • Ձուկերը, օրինակ` սալմոն, սարտին (աղկեր), մաքերել, մենհաթեն կամ հերինք,
  • Նիհար, ճերմակ ձուկերու լեարդը, ինչպիսիք են հալպութը կամ քոտը,
  • Փոկերու կամ կէտազգիներու ճարպերը,
  • Ձկան իւղեր:

ALA կը գտնուի նաեւ բուսական աշխարհին մէջ եւ ան ամէնէն յաճախակի օմեկա-3 ճարպաթթուն է, որ կ'օգտագործուի օրկանիզմին կողմէ` բոլոր այլ տեսակի օմեկա-3 ճարպաթթուներ ստեղծելու համար:

ALA-ի աղբիւրները կը ներառեն ընկոյզը, սերմերը, ինչպիսիք են կտաւատի (flaxseed) եւ շիայի սերմերը, ինչպէս նաեւ` իւղերը, ինչպիսիք են կանոլայի եւ սոյայի իւղերը:

Ըստ Առողջապահութեան ազգային հիմնարկին (NIH), Միացեալ Նահանգներու չափահասներուն մեծ մասը կ'օգտագործէ օմեկա-3-ի առաջարկուած քանակութիւնը` 1,1 կրամ չափահաս կիներու համար եւ 1,6 կրամ չափահաս տղամարդոց համար` ALA-ի տեսքով:

Շարք մը DHA եւ EPA օմեկա-3 յաւելումներ հասանելի են եւ զգալիօրէն կը նպաստեն օմեկա-3-ի ամէնօրեայ ընդունման: Ձկան իւղը ամէնէն տարածուած օմեկա-3 յաւելումն է, որ կ'օգտագործուի չափահասներու եւ երեխաներու կողմէ:

Տասնամեակներու հետազօտութիւնները Օմեկա-3 ճարպաթթուներու ունեցած ազդեցութիւնը առողջութեան վրայ հակասական արդիւնքներ տուած են: Ահա` օմեկա-3 ճարպաթթուներու օգտագործման որոշ ապացոյցներով հաստատուած առաւելութիւններ:

Հակաբորբոքային յատկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկարատեւ բորբոքումը, որ նաեւ կը կոչուի ցած աստիճանի բորբոքում, կապուած է գիրութեան, սիրտի հիւանդութեան եւ քաղցկեղի զարգացման հետ:

Ապացուցուած է, որ օմեկա-3 ճարպաթթուները հակաբորբոքային ազդեցութիւն ունին մարդու մարմինին մէջ եւ կրնան օգնել բորբոքման յառաջընթացը մեղմացնելու:

Օմեկա-3 ճարպաթթուները այն ամէնէն ուժեղ ճարպերէն են, որոնք կրնան նուազեցնել օքսիտացումի ճնշումը (oxidative stress) ու բորբոքումը:

Կը նուազեցնէ քոլեսթրոլը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առնուազն 1,2կ DHA-ի ամէնօրեայ յաւելումը զգալիօրէն կը նուազեցնէ թրիկլիսերիտի մակարդակը եւ կ'աւելցնէ «լաւ» քոլեսթրոլը կամ HDL-ը:

Օմեկա-3 ճարպաթթուները կը նուազեցնեն «վատ» քոլեսթրոլը` LDL-ը:

Թրիկլիսերիտի եւ LDL-ի բարձր մակարդակները սիրտի հիւանդութեան մեծ վտանգներ են:

Օմեկա-3 ճարպաթթուները կը բարելաւեն անօթային առողջութիւնը` մեծցնելով ազոթի օքսիտի (nitric oxide) կենսամատչելիութիւնը (bioavailability):

Կրնայ նուազեցնել սիրտի հիւանդութեան վտանգը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օրական 4կ զուտ EPA-ի յաւելումը կրնայ բարձր թրիկլիսերիտի մակարդակ ունեցող մարդոց մօտ նպաստեր է սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու 25%-ով կրճատման:

Բարելաւել հանդուրժողականութիւնը քաղցկեղի բուժման նկատմամբ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օմեկա-3 ճարպաթթուները կրնան բարելաւել քիմիական բուժումի արդիւնաւէտութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը եւ գործուն օժանդակ բուժում կը նկատուին քաղցկեղի բուժման ենթարկուող մարդոց համար:

Աւելի ճշգրիտ ձեւով, EPA-ի եւ DHA-ի ամէնօրեայ յաւելումը կ'օգնէ գլխու, վիզի եւ կուրծքի քաղցկեղով հիւանդներուն պահպանել մարմինի ծանրութիւնը եւ նուազեցնել քաղցկեղի հետ կապուած մկաններու կորուստը:

Կը բարելաւէ ընկճուածութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւելի քան 2000 մասնակից ունեցող հետազօտութիւնը ցոյց տուած է EPA օմեկա-3 ճարպաթթուներու բարենպաստ ազդեցութիւնը ընկճուածութեան վրայ, ընդ որում` DHA-ը քիչ օգուտներ կու տայ:

Աւելի՛ն. ճարպային ձկան եւ ծովամթերքի չափաւոր ընդունումը ընկճուածութեան աւելի քիչ դէպքեր կը յառաջացնէ:

Օմեկա-3 ճարպաթթուները յաջողութեամբ կրնան նուազեցնել սիրտի հիւանդութեան հետ կապուած անբարենպաստ հետեւանքներու վտանգը:

Օմեկա-3 ճարպաթթուները չեն կրնար նուազեցնել սիրտի հիւանդութենէն մահուան վտանգը:

Թէեւ օմեկա-3 ճարպերը կը նուազեցնեն սրտային հիւանդութիւններու զարգացման վտանգը` իջեցնելով թրիկլիսերիտը, «վատ» քոլեսթրոլն ու արեան ճնշումը, սակայն, աւելի քան 80.000 անհատներու պարագաները ցոյց տուած են, որ անոնց յաւելումները ո՛չ կը կանխեն մահը, ո՛չ ալ սիրտի հիւանդութիւնը:

Արեան լերդացումներու նուազեցում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հակալերդացման յատկութիւններուն համար շատերու յանձնարարուած է օմեկա-3 ճարպաթթուներու գործածութիւնը: Այնուամենայնիւ, այս բացայայտումը հակասական է, եւ այս առումով ապացոյցները թոյլ են: Սննդամթերքէ եւ յաւելումներէ օմեկա-3 ճարպերու բնորոշ չափաբաժինները մեղմ ազդեցութիւն ունին:

Կանխարգիլել կամ բուժել շաքարախտը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Evidence-ը ցոյց կու տայ, որ օմեկա-3-ի յաւելումներ սպառելը չի կանխեր կամ բուժեր շաքարախտը:

Ան չ'ազդեր արեան շաքարի, ինսուլինի դիմադրութեան կամ երկրորդ տեսակի շաքարախտի հիւանդներու վրայ:

Կանխարգիլել քաղցկեղը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը նշուի, որ օմեկա-3 ճարպաթթուները կը նուազեցնեն որոշ քաղցկեղով հիւանդներու բարդութիւնները, եւ կանուխ յայտնաբերումները խոստմնալից կը թուին: Այնուամենայնիւ, չկայ օմեկա-3-ի որեւէ ապացոյց, որ կը յայտնէ քաղցկեղի զարգացման կանխումը:

Հետեւաբար օմեկա-3-ի չափազանց ցած կամ չափազանց բարձր սպառումը կրնայ վնասակար ըլլալ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]