Nothing Special   »   [go: up one dir, main page]

Jump to content

Մուշ

Բնակավայր
Մուշ
Երկիր  Թուրքիա
Տարածութիւն 59 քմ²
ԲԾՄ 1400 մեթր
Բնակչութիւն 193 394 մարդ (2018)
Ժամային գօտի UTC+3։00
Պաշտօնական կայքէջ mus.bel.tr(թուրք.)

Մուշ, Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներէն։

Մուշ քաղաքը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Պիթլիս նահանգի Մշոյ գաւառին մէջ. Մուշ գաւառի կեդրոնն էր ու հայոց թեմակալ առաջնորդի աթոռանիստը։ Կը յիշատակուի նաեւ իբրեւ բերդ, աւան, գիւղաքաղաք եւ քաղաքագիւղ։ Մուշ անունը ստուգաբանուեր ու իմաստաւորուեր է ամէնատարբեր ձեւերով։ Այն կը կապեն հնագոյն Հայաստանի ցեղերու ու տեղանուններու հետ (Մուշունի, Մուշկ եւ այլն), ոմանք հայերէն «մշուշ»ի հետ, որով սովորաբար առաւօտեան կը պատէ ողջ Մշոյ դաշտը։

Պատմութիւն եւ տեղագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը գտնուի «Արեւմտեան Եփրատ»ի ձախ ափէն ոչ հեռու, Մեղրագետի ձախակողմեան վտակի՝ Մշոյ գետի ափերուն։ Հարաւային կողմէն կը բարձրանան Հայկական Տաւրոս լեռնաշղթայի Սասնայ լեռները, Ծիրկատար եւ Կորդուխ լեռնագագաթներով, որոնց թեք սարալանջերուն վրայ աստիճանաձեւ կառուցուած էին 1-2 յարկանի կաւաշէն, անշուք եւ տարրական յարմարութիւններէ զուրկ, տափակ կտուրներով տուները։ Մուշի գետը քաղաքը բաժնած է 2 մասի։ Գետին ջուրը ժամանակին կ՛աշխատցնէր 10-12 ջրաղաց ու կ՛ոռոգէր քաղաքի ու անոր շրջակայքի բանջարանոցներն ու այգիները։

Մշոյ եւ անոր շրջակայքին պահպանուած հնագիտական նիւթերը կը հաստատեն, որ այն հայկական լեռնաշխարհի ամէնահնագոյն բնակավայրերէն է։ Այստեղ կան Կիկլոպեան ամրոցի հետքեր, Վանի թագաւոր «Մենուա»-ի (810-786 թթ. մ.թ.ա.) սեպագիր արձանագրութիւնը եւ այլն։ Քաղաքի արեւելեան մասին մէջ գտնուող պարիսպներով ու բուրգերով շրջապատուած Մշոյ բերդը՝ 5-10–րդ դարերուն, յաճախակի ձեւով յիշատակուած է աղբիւրներու մէջ։ Անոր հիմնադրումը աւանդաբար կը վերագրուի՝ Գայլ Վահան Մամիկոնեանին։ Քաղաքի արեւմտեան մասին մէջ կը գտնուին նաեւ Մուշեղաբերդ, Հողաբերդիկ եւ Աստղաբերդ բերդերու աւերակները։ Մշոյ մէջ պահպանուած են՝ 13-15-րդ դարերուն գրուած հայերէն քանի մը ձեռագիրներ։ Մինչեւ 4-րդ դար, Մուշը կը պատկանէր Սլկունին, իսկ յետոյ՝ Մամիկոնեան նախարարներուն։ 8-րդ դարուն, Մուշը անցաւ Բագրատունիներուն, իսկ 851-852 թուականներուն, դարձաւ արաբներու դէմ ուղղուած ժողովրդա-ազատագրական պայքարի կեդրոն։ 852-ին ձմրան, Մշոյ Ս.Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, Խութեցի Յովնանի ու անոր մարտիկներուն ձեռքով սպաննուեցաւ արաբ հրոսակներու ղեկավար Յուսուֆը։ XVI դարուն Մուշը գրաւուած է թուրքերուն կողմէ։ 1860-ականներուն, Մշոյ մէջ նոյնպէս, տեղի ունեցաւ հակաթրքական զինուած գործողութիւններ, որոնք, անշուշտ, կը կրէին Զէյթունի դէպքերուն ազդեցութիւնը։

Մինչեւ 1915 թուական, Մուշը ունէր 12 մեծ ու փոքր թաղեր ՝ Բերդի թաղ, Բրուտի թաղ, Դաշ մահլա, Դուզ մահլա, Խուրդենց թաղ, Ձորի թաղ, Ս. Մարինէի թաղ, Մինարա մահլա, Ջիգրաշէնի թաղ, Սուֆրա մահլա, Ջերին թաղ, Քէօթան մահլա։ Քաղաքի կեդրոնին մէջ կը գտնուէր շուկան, ուր 19-րդ դարու վերջերուն կը հաշուէին շուրջ 800 մեծ ու փոքր խանութներ, կրպակներ եւ արհեստանոցներ, որոնց 500-ը կը պատկանէր հայերուն։ Շուկան չ'ունէր կանոնաւոր յատակագիծ: Ան փաստօրէն կը ներկայացնէր խանութներու ու կրպակներու անկանոն դասաւորուած հաւաքատեղին։ Քաղաքի ծուռումուռ, նեղ ու կեղտոտ փողոցներուն շուրջը կառուցուած տուներուն մեծ մասը չ'ունէր բակեր ու ցանկապատ։ Այդ պատճառաւ՝ լուացք ընելը, ճաշ եփելն ու երեխայ լոգցնելը փողոցին մէջ, սովորական երեւոյթներ էին։

Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ 1909-ին, Մուշն ունէր շուրջ 25,000 բնակիչ, որուն 9,000-ը հայեր, մնացածը թուրքեր եւ քիւրտեր էին։ Հայերը հողագործութենէն, ծխախոտագործութենէն եւ այգեգործութենէն բացի զբաղուած էին նաեւ առեւտուրով ու արհեստագործութեամբ։ Արհեստներէն տարածուած էին խեցեգործութիւնը, կօշկակարութիւնը, դերձակութիւնը, ոսկերչութիւնը, դարբնութիւնը, ներկարարութիւնը, գորգագործութիւնը։ Մշոյ արհեստաւորներու արտադրանքը, միրգերը, գինին, ծխախոտը, գիւղատնտեսական միւս մթերքները վաճառքի կը տարուէին նաեւ դրացի գաւառները։

Քաղաքի նկատելի շինութիւններն էին՝ քարաշէն բաղնիքը, 2 իջեւանատուները, գաւառի թուրք կառավարիչի «անճաշակ ու անճոռնի» առանձնատունը, իսլամական 2 մզկիթները (մէկը նախապէս հայկական եկեղեցի էր) եւ հայկական Ս. Աւետարանոց, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ս. Կիրակոս, Ս. Յարութիւն, Ս. Մարինէ, Ս. Սարգիս, Ս. Ստեփանոս, Ս. Փրկիչ եկեղեցիները, որոնց մեծ մասը կառուցուած եւ գործած էին մինչեւ 1915։ Այս եկեղեցիներէն ամէնէն շքեղն ու գեղեցիկը Ս. Մարինէն էր, իսկ ամէնահինը՝ Ս. Փրկիչը, ուր յիշատակուած է 851-852 թուականներու դէպքերուն մասին։

Քաղաքի արեւելեան կողմէն, բարձունքի վրայ կը գտնուէր Մշոյ բերդը, իսկ անոնցմէ ոչ հեռու՝ Միացեալ Ընկերութեան Կեդրոնական վարժարանի կամ Սրբոց Թարգմանչաց դպրոցի հոյակապ շէնքը, որ կառուցեր էր մշեցի Մկրտիչ աղա Տէր Յովհաննիսեանը (1850)։ Ս.Մարինէի մէջ կը գտնուէր կաթոլիկ հայերու առաջնորդարանը եւ Մուրատ Մխիթարեան վարժարանը։ Այստեղ կը գործէին նաեւ բողոքական հասարակութեան ժողովարանն ու դպրոցը։ Գետի ափին կառուցուած էր հայոց առաջնորդարանի շէնքը։ «Դուզ մահլա» թաղին եւ Մուշի բերդին մէջ տեղաւորուած էին քաղաքի 3000-նոց թրքական կայազօրն ու զինապահեստները։ Մուշի կրթական ու մշակութային կեանքէն շատ կարեւոր դեր կը կատարէին Հայկական 5 թաղային եւ մեկ օրիորդաց դպրոցները, Միացեալ ընկերութեան կեդրոնական վարժարանը եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի միջոցներով պահուող 2 որբանոցները։ 1899-ին դպրոցներուն մէջ սորվող աշակերտներուն թիւը մօտ 750 էր։ 1863-65 թուականներուն, Մշոյ մէջ լոյս կը տեսնէր «Լրատար Արծուիկ Տարօնոյ» լրագիրը Գարեգին Սրուանձտեանցի խմբագրութեամբ։

Մշեցի հայերը բնութագրած էին որպէս՝ «քաջակորով, անձնուրաց և ազգային աւանդները պահպանող հայրենասէր, գիտութեյան եւ արուեստներու մէջ որոշակի ձիրքեր ունեցող մարդիկ», որոնցմէ կարելի է յիշել հրապարակախօս, խմբագիր ու մանկավարժ՝ Գ. Ս. Անդրէասեանը (1869-1906), հայ երգի անզուգական կատարող, «Տարօնի Սոխակ» Արմենակ Շահմուրատեանը (1878-1939), հրապարակախօս Մխիթար Աբրոյեանը (1880-1915), գիւղատնտեսական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆէսէօր Ն. Ա. Մալաթեանը (1898-1977) եւ ուրիշներ։