Խոյր
Խոյրը, գլխու պսակաձեւ գլխանոց է։ Անցեալին կրած են արքաները, իշխաններն ու բարձրաստիճան հոգեւորականները՝ տօնական եւ ծիսական արարողութիւններու ատեն։ Կը խորհրդանշէ իշխանութիւն (սկիզբը՝ նաեւ աշխարհիկ, հետագային՝ միայն հոգեւոր)։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինչեւ Զ. դար խոյրերը եղած են միաերանգ, այնուհետեւ՝ զարդանախշուած են գլխաւորաբար ասեղնագործ տէրունական պատկերներով, ընդելուզուած՝ թանկագին քարերով եւ ոսկեթելով (անոնք կը համարուին ասեղնագործութեան բարձրագոյն նմուշներ)։
ԺԲ. դարէն խոյրերուն տեսքը դարձած է որոշակի կոնաձեւ, գագաթին կ'ամրացուի փոքրիկ խաչ մը։ Հայ հոգեւորականներու այժմեան խոյրերուն ձեւը, որ փոխ առնուած է կաթոլիկ եկեղեցիէն, սկիզբը գործածած են Կիլիկիոյ հայկական պետութեան հոգեւորականները։ Այժմ կը կրեն եպիսկոպոսները եւ կաթողիկոսները։
Խոյր կը կրեն նաեւ ծայրագոյն վարդապետները, եթէ թեմակալ առաջնորդ են, միայն իրենց թեմին մէջ։
Հայ եկեղեցւոյ մէջ խոյրը (թագը) սկսած են օգտագործել ԺԲ. դարու վերջաւորութեան կամ ալ ԺԳ. դարու սկիզբին, Գրիգոր Զ. Ապիրատ կաթողիկոսին (1194-1203) ժամանակներէն[1]։